2011-05-03 13:52:17

Դասախօսութիւն Նուիրուած ՅՊԲ ``Չենդէզիմուս Աննուս`` Շրջաբերականի Հրատարակութեան 20-րդ Տարեդարձին։


<<Ընկերային վարդապետութիւնը զօրակից եւ ամբողջական մարդաբանութիւն - Չենդէզիմուս Աննուս տիտղոսով շրջաբերականի 20 տարեդարձի առթիւ>> նիւթով դաասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր, Հռոմի թանգարանի ՜՜Pietro da Cortona՝՝ անուան սրահին մէջ։ Դասախօսութիւնը կազմակերպուած էր ՅՊԲ.ի երանացման ձերնարկներու ծիրէն ներս, նախաձեռնութեամբ՝ Սուրբ Պետրոսի Կոմիտէի եւ Հռոմի Քաղաքապետարանի։ Դասախօսական նիստին ելոյթ ունեցան եկեղեցական եւ քաղաքական ինչպէս նաեւ ակադեմական անձնաւորութիւններ, որոնք նկարագրեցին ու խորացուցին ՜՜Ընկերային վարդապետութեան հարցը այսօրուայ ընկերա-տնտեսական կացութեան մէջ՝՝ արժեւորելով ՅՊԲ.ի հրատարակած այս Գ. շրջաբերական թուղթը։
Ելոյթ ունեցան Կարտինալ Րէնաթօ Րաֆֆայելէ Մարթինօ՝ Քհանայապետական արդարութեան եւ խաղաղութեան խորհուրդի երբեմնի նախագահը, Տիկ Լավինիա Մէննունի` Հռոմի Քաղաքապետի տեղապահը կաթողիկէ աշխարհի հետ կապերու համար, Տիկ ֆլամինիա Ճիովանէլլի Քհանայապետական արդարութեան եւ խաղաղութեան խորհուրդի ենթաքարտուղարը, փրօֆ Սթէֆանօ Զամանյի Պոլոնիայի համալսարանի դասատու, եւ Իտալական Պետական հեռուստատեսիլի Վատիկանի հացերու մասնագէտ լրագրող՝ ֆապիօ Ծավաթթարօ։ Դասախօսութեան աւարտին տեղի ունեցան նաեւ վկայութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.